2016-01-18 14:08:00

Ֆրանչիսկոս Պապին հանդիպումը Մոնաքոյի Իշխանապետ` Ալպերթօ Բ-ի հետ։


(Ռատիօ Վատիկան) Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակը հրատարակեց հաղորդագրութիւն մը որուն մէջ նշեց թէ այսօր` 18 Յունուար 2016-ի առաւօտեան, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, առաքելական պալատին մէջ ընդունեց  Մոնաքոյի Իշխանապետ` Ալպերթօ Բ-, որուն կ՛ընկերանար Իշխանուհի Շարլինը։ Իշխանապետը ապա հանդիպում ունեցաւ Սուրբ Աթոռի Պետական Քարտուղար` Կարդինալ Փիէթրօ Փարոլինին  հետ, որուն կ՛ընկերանար Պետութիւններու հետ յարաբերութիւններու քարտուղար գերապայծառ Փոլ Կալլակէր։

Սիրալիր խօսակցութիւններու ընթացքին, շեշտուեցան երկկողմանի բարի յարաբերութիւնները եւ մատնանշուեցաւ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ բերած պատմական սատարին Իշխանապետութեան կեանքէն ներս։

Զրոյցներու ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ երկու կողմերը հետաքրքրող հարցերու շուրջ ինչպէս  բնապահպանութիւնը, ժողովուրդներու ընդհանուր զարգացումը եւ մարդկայնական օգնութիւնը։

Ի վերջոյ քննարկուեցան միջազգային հասարակութեան հայող հարցեր` ինչպէս խաղաղութիւնն ու ապահովութիւնը, գաղթականներու եւ փախստականներու հիւրընկալութիւնը, եւ միջերկրականի ու Միջին Արեւելքի շրջանային ընդհանուր իրավիճակը։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.